Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը «հսկողութեան տակ վերցուցած է» «Ֆիլատելֆիոյ միջանցքը»՝ Կազայի հատուածի եւ Եգիպտոսի միջեւ սահմանին 14 քիլոմեթր երկարութեամբ արգելակ հանդիսացող (պուֆերային) գօտին: Այդ մասին յայտնած է Իսրայէլի բանակի պաշտօնական ներկայացուցիչը։
Միջանցքը ստեղծուած է 1979 թուականին՝ Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շրջածիրէն ներս։ Իսրայէլեան բանակն այն օգտագործած է պարեկութիւն իրականացնելու համար նախքան Կազայի հատուածը լքելը՝ կը յիշեցնէ AFP-ը։
«Իսրայէլը վաղուց կը կասկածէր, որ պաղեստինեան տարածքներու մէջ զինուած խմբաւորումներն այդ միջանցքը կ՚օգտագործեն Եգիպտոսէն զէնք տեղափոխելու համար»,- գրած է պարբերականը։
Խօսնակ Տանիէլ Հակարիի խօսքով՝ իսրայէլցի զինուորականները Ֆիլատելֆիոյ միջանցքի երկայնքով մօտ 20 փապուղի յայտնաբերած են։ Եգիպտոսի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը հերքած է այդ տուեալները։
«Իսրայէլ կը դիմէ այդ մեղադրանքներուն՝ արդարացնելու պաղեստինեան Ռաֆահ քաղաքի դէմ գործողութեան շարունակութիւնը եւ երկարաձգելու պատերազմը քաղաքական նպատակներով»,- մէջբերած է AFP-ը եգիպտացի պաշտօնեայի յայտարարութիւնը։