image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի արտաքին գործոց. «Ատրպէյճանի հետ միասին ընդդէմ Իրանի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց. «Ատրպէյճանի հետ միասին ընդդէմ Իրանի»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն 18 ապրիլին այցով Ատրպէյճան մեկնած է, ուր պիտի հանդիպէր երկրի արտաքին գործոց նախարարի եւ նախագահի հետ։ Ինչպէս գրած է Turan-ը, այս մասին տեղեկացուցած է իսրայէլեան կայքը։

Քոհեն պիտի քննարկէ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու խորացման հարցերը եւ տարածաշրջանային խնդիրները։ «Ատրպէյճանը իսլամական երկիր է, եւ անոր ռազմավարական դիրքը մեր յարաբերութիւնները շատ կարեւոր կը դարձնէ, այն մեծ հնարաւորութիւն ունի։ Այսօր ես կը մեկնիմ կարեւոր քաղաքական այցով, որ մեր լաւ բարեկամներու հետ Պաքուի մէջ շարունակենք միասնական եւ ուժեղ ճակատի ստեղծումը եւ համագործակցութիւնը՝ մեր ընդհանուր խնդիրները լուծելու։ Այդ կը վերաբերի համագործակցութեան խորացման տնտեսութեան, անվտանգութեան, ուժանիւթի եւ նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ»,-ըսած է Քոհեն։

Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը կը գլխաւորէ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին եւ կը ղեկավարէ 20 իսրայէլեան ընկերութիւններէ բաղկացած ձեռնարկատիրական պատուիրակութիւնը «սայպըր» անվտանգութեան, ազգային անվտանգութեան, ջրային միջոցներու կառավարման եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու մէջ։ Պատուիրակութեան անդամները Պաքուի մէջ պիտի ունենան տասնեակ հանդիպումներ ընկերութիւններու եւ պետական հաստատութիւններու հետ։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ իսրայէլցի նախարարն արդէն արտայայտուած էր նման ոգիով՝ յայտարարելով, որ Իսրայէլը եւ Ատրպէյճանը «պայմանաւորուած են միասին գործել Իրանի դէմ»։

«Մենք պէտք է համատեղ գործենք Իրանի դէմ։ Մենք պէտք չէ թոյլ տանք Իրանին ընդլայնել իր միջուկային ներուժը»,-ըսած է ան: