image

Իսրայէլեան ուժերը շրջափակած են Կազա քաղաքի ալ-Հըլու հիւանդանոցը

Իսրայէլեան ուժերը շրջափակած են Կազա քաղաքի ալ-Հըլու հիւանդանոցը

 

Իսրայէլեան ուժերը երկու հրետանային արկով թիրախաւորած են Կազա քաղաքին մէջ գտնուող Ալ-Հըլու հիւանդանոցը։ Այս մասին հաղորդած է պաղեստինեան WAFA լրատուական գործակալութիւնը։

Աւելի քան 90 բուժաշխատող եւ հիւանդ կը շարունակեն մնալ շրջափակուած հիւանդանոցին մէջ։ Ալ-Հըլու հիւանդանոցին մէջ տեղակայուած են քանի մը բաժանմունքներ։ Մանկաբուժական բաժանմունքին մէջ, ըստ տեղեկութիւններու, կը գտնուին առնուազն 12 վաղաժամ ծնած մանուկ։

Al Jazeera հեռուստաալիքի հաղորդմամբ՝ հիւանդանոցի շէնքը ներկայիս շրջապատուած է ծանր ռազմական սարքերով եւ իսրայէլեան բանակի հրասայլերով, շէնքէն ներս եւ դուրս ելլելու բոլոր դռները արգելափակուած են։

Իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն ծանր հրետակոծութիւններու ենթարկել անկլաւի տարբեր շրջաններու բնակելի եւ հասարակական նշանակութեան շինութիւնները։ Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ սեպտեմբեր 29-ի առաւօտէն ի վեր Կազայի մէջ զոհուած է 17 մարդ։