«Արեւելք» «Ալ Մայատին»էն վերահասու կը դառնայ, որ Իսրայէլեան ուժեր այսօր առաւօտ ներխուժած են Ժէնին շրջան նպատակ ունենալով ձերբակալել Թէլ-Աւիւի վերջին գործողութիւնը կատարողին ծնողները։
Այս առումով, եւ ըստ կայանի թղթակիցին իսրայէլեան ուժերը շրջափակած են նահատակ Ռաատ Խազէմի տունը եւ անոր ընտանիքէն պահանջած են յանձնուիլ:
Թղթակիցը հաղորդած է, որ իսրայէտլեան ուժերը այսօր` Շաբաթ օրը, ներխուժած են Ժենին գաղթակայանը եւ պահանջած, որ ընտանիքները լքեն իրենց տուները:
Ուժերը փակած են սահմանամերձ գիւղի մուտքերը եւ պարիսպը, իսկ գրաւուած տուներուն վրայ դիպուկահարներու խումբեր ստեղծած են, իսկ ուժերուն ուղեկցող պուլտոզըր մեքենայ ալ երեւացած է:
الاحتلال يعيث خرابا في ممتلكات لعائلة الشهيد رعد حازم، في قرية دير غزالة شرق جنين pic.twitter.com/h178wYdyM3
— وكالة شهاب للأنباء (@ShehabAgency) April 9, 2022
Անցեալ գիշեր հրէական հետախուզութիւնը երկրորդ անգամ զանգահարած է նահատակ Ռաատի հօրը եւ դարձեալ խնդրեց անկէ անյապաղ յանձնուիլ Ճենինէն արեւմուտք գտնուող Սալէմ ճամբարին մէջ, սակայն ան մերժեց եւ տեղեկացուց, որ ինք ճամբարին մէջ է, եւ եթէ իրեն կը փափաքին, պէտք է գան իր տունը:
Ցաւակցող եւ Խազեմի նահատարութիւնը օրնող պատուիրակութիւնները կը շարունակեն այցելել Ժենինի գաղթակայանին մէջ գտնուող անոր ընտանիքին, որ երէկ առաւօտէն ի վեր ականատես եղաւ նահատակին ընտանիքին կողքին կանգնելու ժողովուրդի հանրահաւաքներուն եւ զանգուածային հաւաքներուն:
Յիշեցնենք, որ Ուրբաթ առաւօտեան, «Թել Աւիւ» գործողութեան հեղինակ Ռաատ Ֆաթհի Զայտան Խազէմը (29 տարեկան), սպաննուած է Իսրայէլի յատուկ ջոկատայիններու հետ բախման ժամանակ:
تفجير عبوة ناسفة واشتباكات عنيفة بين المقاومين وجيش الاحتلال في مخيم #جنين
— وكالة شهاب للأنباء (@ShehabAgency) April 9, 2022
شاهد المزيد عبر تلغرام شهاب، اشترك الآن: https://t.co/evSBgGzymT pic.twitter.com/86IKaTR0iE
Մինչ այդ նահատակ Ռաատ Խազէմը հրազէնային յարձակում իրականացուցած էր Թել Աւիւի մէջ, որու հետեւանքով երեք իսրայէլացի սպաննուած է, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած են: Իսրայէլեան թերթերը յայտնած են, որ ժամանակը զգայուն է, իսկ տեսարանները՝ անհաւատալի, եւ խօսուած է Թել Աւիւի մէջ հրաձգութեան հետեւանքով յառաջացած քաոսին մասին։
Պաղեստինի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան տօնական երթեր` բացագանչութիւններով, ի նշան հերոսական գործընթացին եւ ի աջակցութիւն անոր: Պաղեստինեան խմբակցութիւնները նոյնպէս օրհնեցին «Թել Աւիւ» գործողութիւնը` ընդգծելով, որ այդ «բնական պատասխան էր իսրայէլեան ուժերու յանցագործութիւններուն»: