Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիան հաւաքած եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութիւն փոխանցած է նիւթեր, որոնք պէտք է ապացուցեն, որ Իսրայէլը «ցեղասպանութիւն» կ՚իրականացնէ Կազայի հատուածին մէջ։
Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ տրամադրել Իսրայէլի դէմ իր ունեցած բոլոր մեղադրական նիւթերը։ Թուրքիոյ նախագահը աւելցուցած է. «Ես կը հաւատամ, որ Իսրայէլը մեղաւոր պիտի ճանաչցուի ցեղասպանութեան մէջ»։
Իսրայէլեան News հարթակի հաղորդմամբ՝ Էրտողանին պատասխանած է Իսրայէլի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քացը։
Ան գրած է. «Թուրքիոյ նման երկրի մը նախագահը, երկրի մը, որ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է հայ ժողովուրդի դէմ, ակնկալելով, որ աշխարհը կը լռէ, այսօր հպարտ է, որ Հաակա փոխանցած է նիւթեր, որոնք կրնան օգնել Իսրայէլը մեղադրելու ցեղասպանութեան մէջ։ Մենք լսեցինք ձեզի: Մենք չենք մոռացած ո՛չ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ալ քիւրտերու դէմ իրականացուած ջարդը։ Դուք մարդ սպանած էք։ Մենք կը պաշտպանուինք ձեր բարբարոս ընկերներէն»։
Յիշեցնենք, որ ժամանակակից Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չեն ճանչնար 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բռնի տեղահանութիւնն ու էթնիք բնաջնջումը որպէս ցեղասպանութիւն։
Բայց Տերսիմի կոտորածի համար՝ 1937-1938 թուականներու իրադարձութիւններու, երբ թրքական զինուած ուժերը դաժանօրէն ճնշեցին Հիւսիսային Քիւրտիստանի ապստամբութիւնը՝ սպանելով, ըստ տարբեր աղբիւրներու, 13-էն 70 հազար քիւրտ, Ռեճէպ Էրտողանը ներողութիւն խնդրած է։
2011 թուականին ան ըսած է, որ սա Թուրքիոյ պատմութեան ամենաողբերգական իրադարձութիւններէն մէկն է։