image

Իսրայէլ կը դիտարկէ կանխարգելիչ հարուածի տարբերակը. Times of Israel

Իսրայէլ կը դիտարկէ կանխարգելիչ հարուածի տարբերակը. Times of Israel

Իսրայէլը կրնայ Իրանը զսպելու համար կանխարգելիչ հարուած հասցնել, եթէ ունենայ յստակ ապացոյցներ, որ Թեհրանը կը պատրաստուի յարձակման: Այս մասին, ինչպէս գրած է timesofisrael.com-ը, հաղորդած են իսրայէլեան լրատուամիջոցները այն բանէ ետք, երբ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կիրակի երեկոյեան Իսրայէլի անվտանգային կառոյցներու ղեկավարները հրաւիրած է հանդիպման:

Հանդիպումը, որուն մասնակցած են Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը, պաշտպանութեան բանակի շտաբի պետ Հերզի Հալեւին, Մոսատի ղեկավար Տեյվիտ Պարնեան եւ Շին Պեթի ղեկավար Ռոնեն Պարը, կայացած է Իրանի եւ անոր լիբանանեան դաշնակից «Հըզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ ակնկալուող յարձակումներու նախապատրաստման լոյսին ներքոյ:

Իրանը, անոր լիբանանեան դաշնակից «Հըզպալլա»-ն եւ պաղեստինեան «Համաս»-ը Իսրայէլը կը մեղադրեն չորեքշաբթի Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի առաջնորդ Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան համար: Անոր սպանութիւնը տեղի ունեցած է քանի մը ժամ անց այն դէպքէն, երբ Պէյրութի մէջ Իսրայէլի հասցուցած հարուածէն սպանուած էր «Հըզպալլա»-ի ռազմական ղեկավար Ֆուատ Շուքրին: Իսրայէլը ստանձնած է Շուքրիի սպանութեան պատասխանատւութիւնը, սակայն պաշտօնապէս չէ մեկնաբանած Հանիյէի սպանութիւնը: Թէ՛ Իրանը, թէ՛ «Հըզպալլա»-ն խոստացած են վրէժխնդիր ըլլալ սպանութիւններու համար:

Իսրայէլը յստակ չի գիտեր, թէ ինչ սպասել Իրանէն եւ անոր դաշնակիցներէն, ուստի կը քննարկէ տարբերակներու լայն շրջանակ, թէ ինչպէս կրնայ լաւագոյնս արձագանգել կամ կանխել ակնկալուող յարձակումը:

Նաթանիահուի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Իրանը հարուածելու տարբերակը՝ որպէս զսպման միջոց, հաղորդած է Ynet-ը, թէեւ անվտանգութեան պաշտօնեաներն ընդգծած են, որ նման քայլը կը թոյլատրուի միայն այն պարագային, եթէ Իսրայէլը ստանայ յստակ հետախուզական տուեալներ, որոնք կը հաստատեն, որ Թեհրանը կը պատրաստուի յարձակման։

Անհրաժեշտ է նաեւ, որ իսրայէլեան հետախուզութեան տուեալներն այս հարցի վերաբերեալ համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան տուեալներուն, բայց նոյնիսկ եթէ ատոնք համընկնին, Իսրայէլը, այնուամենայնիւ, կրնայ կանխարգելիչ հարուածի չդիմել:

Աւելի վաղ իսրայէլեան մամուլը գրած էր, որ Իսրայէլը կը պատրաստուի Իրանի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման կողմէ յառաջիկայ օրերուն հնարաւոր յարձակումներուն եւ կ՚ենթադրէ, որ յարձակումները կրնան ըլլալ քանի մը ճակատներէ: 

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Միացեալ Նահանգները կը ջանայ վերականգնել տարածաշրջանային դաշինքը, որ այս տարուան ապրիլին կրցած էր գրեթէ ամբողջութեամբ խափանել Իսրայէլի վրայ իրանեան ուղղակի յարձակումը, որու ժամանակ Իրանն աւելի քան 300 հրթիռ եւ անօդաչու արձակած էր Իսրայէլի ուղղութեամբ՝ ի պատասխան Դամասկոսի մէջ իրանցի բարձրաստիճան բանակի զօրավարներու սպանութեան: