Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱԽԱԼ) հարուածներ հասցուցած է երեք պաղեստինցի արմատականներու ուղղութեամբ՝ իսրայէլեան ռազմական դիրքերուն մօտ պայթուցիկներ տեղադրած ատեն։ Այս մասին յայտնած է Իսրայէլի պաշտանութեան ուժերու մամուլի ծառայութիւնը:
«Որոշ ժամանակ առաջ յայտնաբերուած են երեք ահաբեկիչներ, որոնք կը գործէին Նեցարիմ շրջանին մէջ՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն մօտ եւ կը փորձէին պայթուցիկ սարքեր տեղադրել գետինը: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հարուածներ հասցուց ահաբեկիչներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: