image

Իսրայէլ-Իրան պատերազմ. Թրամփ կը խօսի «հաւանական» գործարքի մը մասին

Իսրայէլ-Իրան պատերազմ. Թրամփ կը խօսի «հաւանական» գործարքի մը մասին

Իրանը եւ Իսրայէլը պէտք է գործարք կնքեն, եւ անոնք այդ քայլը պիտի առնեն, ինչպէս որ ես գործարքի հասայ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ՝ օգտագործելով ԱՄՆ-ի հետ առեւտուրը, որ բանականութիւն, միասնութիւն եւ ողջախոհութիւն բերեմ երկու մեծ առաջնորդներուն հետ բանակցութիւններուն, որոնք կրցան արագ որոշում կայացնել եւ դադրեցնել հակամարտութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

«Նաեւ իմ առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին Սերպիայի եւ Քոսովոյի միջեւ կապերը լարուած էին, ինչպէս եղած էր տասնամեակներ շարունակ, եւ այդ երկարատեւ հակամարտութիւնը կրնար վերածուիլ պատերազմի։

Ես զայն դադրեցուցի (Պայտըն իր յիմար որոշումներով խաթարեց այդ երկարաժամկէտ հեռանկարները, բայց ես պիտի ուղղեմ զանոնք դարձեալ): Մէկ այլ օրինակ է Եգիպտոսի եւ Եթովպիոյ միջեւ հակամարտութիւնը՝ Նեղոսի վրայ կառուցուող հսկայական ջրամբարին շուրջ։

Իմ միջնորդութեամբ հիմա այնտեծ խաղաղութիւն է, եւ այդ խաղաղութիւնը պիտի պահպանուի։ Նմանապէս, շուտով խաղաղութիւն պիտի ըլլայ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ։ Ներկայիս բազմաթիւ զանգեր եւ հանդիպումներ կ՚ընթանան։

Ես շատ բան կ՚ընեմ, բայց երբեք այդ ամէնուն համար ճանաչում չեմ ստանար՝ եւ այդ նորմալ է. մարդիկ կը հասկնայ։

Մերձաւոր Արեւելքը կրկին դարձնենք Մեծ»։