image

Իսրայէլ հարուածած է Հոմսը. Զոհուած են Սուրիոյ բանակի օդաչուներ

  Իսրայէլ հարուածած է Հոմսը. Զոհուած են Սուրիոյ բանակի օդաչուներ

Իսրայէլեան կործանիչներ Լիբանանի վրայով հարուածներ տուած են Սուրիոյ մէջ։

 Այս մասին լուրը հաղորդեց «Պընթժպէյլ» կայքը նշելով նաեւ, որ իսրայէլեան կործանիչներուն թիրախը եղած է Սուրիոյ հոմս քաղաքը։

 

 Աւելի ուշ լրատուական բաց աղբիւրներ նշած են, որ այդ հարուածներուն հետեւանքով զոհուած են Սուրիոյ բանակի օդաչուներ։ 

 

 Ըստ նախնական տուեալներու Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է Սուրիոյ բանակային կեդրոն մը։ Այլ տուեալներ չեն հաղորդուիր։