image

Իսրայէլ առաւօտեան ժամերէն կը հարուածէ Կազան

Իսրայէլ  առաւօտեան ժամերէն կը հարուածէ Կազան

Իսրայէլեան զինուորականները ուրբաթ վաղ առաւօտեան հարուածած են Կազայի հատուածը՝ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ ղեկավարուող պաղեստինեան անքլաւէն  (ներգաւառ) Իսրայէլի ուղղութեամբ չորս հրթիռ արձակելէ ժամեր անց, յայտնած է Times of Israel-ը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ օդային հարուածներ հասցուցած է ՀԱՄԱՍ խմբաւորման կողմէ օգտագործուող ստորգետնեայ հրթիռներու արտադրութեան «եզակի» կառոյցին:

«Հարուածը եղած ի պատասխան Կազայի տարածքէն Իսրայէլի տարածք հրթիռներու արձակման», -ըսուած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան հարաւային հրամանատարութեան, այսպէս կոչուած, «կրակային կեդրոնի» հրամանատարը, որ կը համակարգէ ստորաբաժանման յարձակողական գործողութիւնները, ըսած է, որ վայրը ռմբակոծուած է 19 թոն զինամթերքով:

Հարուածներու ընթացքին պաղեստինցիները, ըստ երեւոյթին, գնդացիրներէ կրակ արձակած են իսրայէլեան օդանաւերու ուղղութեամբ:

Պաղեստինեան ոչ մէկ խմբաւորում չէ ստանձնած արձակումներու պատասխանատւութիւնը, սակայն Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ պատասխանատւութիւն կը կրէ ՀԱՄԱՍ-ը:

Հրթիռային արձակումը տեղի ունեցած է քանի մը ժամ անց այն բանէն, երբ պաղեստինեան իսլամական ճիհատի անդամը իսրայէլեան ռազմական գործողութեան ժամանակ սպանուած է Յորդանան գետի արեւմտեան ափի Ժենին քաղաքին մէջ:

Վերջին անգամ Կազայէն դէպի Իսրայէլ հրթիռներ արձակուած են օգոստոսին՝ ընդհանուր առմամբ արձակուած էր մօտ 1175 հրթիռ:

Վերջին շրջանին լարուածութիւնը Արեւմտեան ափին մէջ աճած է, երբ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հակաահաբեկչական արշաւ սկսած է: Այն հիմնական կեդրոնացած է հիւսիսային Արեւմտեան ափի վրայ, սակայն բռնութիւնը հիմնական չէ տարածուած Կազայի հատուածին մէջ:

Արշաւը շուրջ 2000 ձերբակալութեան յանգեցուցած է գիշերային արշաւներու ընթացքին, սպանուած է աւելի քան 125 պաղեստինցի, որոնցմէ շատերը յարձակումներ կատարած են կամ բախած անվտանգութեան ուժերու հետ: