Իրաք- (AP)- ISIS Ահաբեկչկան խմբաւորման զինեալներ ծանր վարակէ մը բռնուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ AP գորղակալութիւնը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ Իրաքի Ալ Րամատի շրջանին մէջ ISIS -ի աւելի քան 300 զինեալներ ծանր եւ անհասկնալի վարակէ մը բռնուած են: Գործակալութիւնը այս մասին զրուցած է Ալ Րամատի շրջանի պատասխանատուներէն ՝ Մալլուլահ Ալ Օպայտիին հետ: Վերջինս յայտնած է, թէ վարակին արմատները յայտնի չեն եւ վարակուողները բարձր ջերմութիւնէ եւ մկանային սաստիկ ցաւերէ բացի նաեւ յիշողութեան կորուստ կ'ունենան: Նշենք, որ անցեալ Մայիսէն ի վեր Ալ Րամատին անցած էր ISIS-ի տիրապետութեան տակ: Հոն սպաննուած էին շուրջ 500 խաղաղ բնակիչներ եւ իրաքեան բանակի զինուորներ: Իսկ շրջանէն խոյս տուածներուն թիւը կը գնահատուի 14 հազարով: