Օրերս Պաղտատի մէջ քովքովուած են Իրաքի Քրիստոնայ եկղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները։ Հանդիպման նոյնպէս ներկայ գտնուած է Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան։
«Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ տրուած հաղորդագրութիւնը`
Շաբաթ օր, Յունուար 3-ին, գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատւութիւն Մար Կիորկիս Գ Պատրիարքին, Ասորական Արեւելեան Հին Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս կայացաւ Քրիստոնեայ Համայնքապետերու Խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը և կարգ մը այլ հոգեւոր պետեր։
Ժողովին քննարկուած են Իրաքի Քրիստոնեաներուն հետ առնչուող հարցեր։
