image

Իրանը վճռական է ընդլայնելու յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու հետ. Ռայիսի

Իրանը վճռական է ընդլայնելու յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու հետ. Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ Իրանը վճռականութեամբ լի է փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ ընդլայնելու յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու հետ, գրած է Tasnim-ը։

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը վճռական է ընդլայնելու յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու հետ՝ փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու հիման վրայ, եթէ որեւէ երկիր չի ձգտիր Իրանի նկատմամբ անտագոնիզմի»,- ըսած է Ռայիսին Իրանի մէջ Պելճիքայի նոր դեսպանի հետ հանդիպման ժամանակ։

Ան խորհուրդ տուած է եւրոպական երկիրներուն հետապնդել իրենց շահերը եւ կարգաւորել իրենց յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներէն անկախ, որ, ըստ անոր, «ամբողջովին խայտառակած է ինքզինք աշխարհի մէջ իր քաղաքականութեան պատմութեան, մասնաւորապէս Կազայի մէջ Իսրայէլի յանցագործութիւններուն իր ամբողջական աջակցութեան եւ մեղսակցութեան պատճառով»:

Իր հերթին նոր դեսպանը յայտնած է Իրանի հետ կապերն ընդլայնելու Պելճիքայի պատրաստակամութիւնը։

Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին պիտի կարողանայ լուծել խնդիրները եւ օգնել ամրապնդել Իրանի հետ կապերը տարբեր ոլորտներու մէջ։