image

Իրանը դէմ ցանկացած սահամային փոփոխութեան.Իրանցի զօրավար

Իրանը դէմ  ցանկացած  սահամային փոփոխութեան.Իրանցի  զօրավար

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ, ջոկատային զօրավար Ալի Ֆատավին յայտարարած է, որ Իրան չընդունիր տարածաշրջանի աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Այս մասին գրած է Mehr գործակալութիւնը:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ համատեղ հիւսիսային սահմաններուն վրայ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրախումբի կողմէ կայացած վերջին զօրավարժութիւններուն՝ զօրախումբի ղեկավարի տեղակալն ըսած է, որ Իրան չընդունիր տարածաշրջանի աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն, քանի որ այդ սկզբունքային քաղաքականութիւն է:

«Երկիրներու միջեւ սահմանային վէճը պէտք չէ յանգեցնէ տարածաշրջանի աշխարհագրութեան փոփոխութեան. սա կարեւոր խնդիր է, եւ մենք այդ կը պնդենք», -ըսած է ան։