Իրանի արեւմտեան Խուզեստան նահանգի Տիզֆուլ քաղաքի ոստիկանութեան աշխատակիցները ձերբակալած են սատանայապաշտներու հաւաքին մասնակցող 35 մարդ: Այս մասին յայտարարած է քաղաքի իրաւակարգի ուժերու հրամանատար գնդապետ Ռուհոլլա Եարիզատէ։
«Սատանայապաշտական խումբին հաւաքներ ընելու մասին հաղորդումը ստանալէն յետոյ ոստիկանութեան ծառայողները, ստուգելով հաղորդման իսկութիւնը, կարողացած են գտնել հաւաքի վայրը եւ դատական մարմիններուն հետ համաձայնեցնելով, ձերբակալած են ներկաները՝ 31 տղամարդ եւ 4 կին»,- Եարիզատէի խօսքը մէջբերած է ISNA գործակալութիւնը։
Գործակալութիւնը նշած է, որ հաւաքին ներկայ եղած են մարդիկ տարբեր նահանգներէ, տեղւոյն վրայ յայտնաբերուած են սատանայական խորհրդանիշներ, ոգալից խմիչք եւ թմրամիջոցներ, որոնք փոխանցուած են դատական մարմիններուն: