image

Իրանի քաղաքացին սպառնացած է պայթեցնել Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատունը

Իրանի քաղաքացին սպառնացած է  պայթեցնել  Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանատունը

Aravot.am-ի տեղեկութիւններով, օրերս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի Մ.Ա.-ն հաղորդում ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն:

Ըստ այդմ, իր ծանօթներէն Իրանի Իսլամական հանրապետութեան քաղաքացի Շ. Զ.-ն, որ նոյնպէս Հայաստան կը գտնուի, իրեն յայտնած է 1 հոկտեմբերին իր կողմէ նախապատրաստուող ահաբեկչութեան մասին:

Ըստ հաղորդման, Իրանի Իսլամական հանրապետութեան քաղաքացին ծրագրած է պայթեցնել Երեւանի Բուդաղեան-1 հասցէի վրայ գտնուող Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան շէնքը։ Ահազանգի առիթով Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ներս նախաքննութիւն կ'ընթանայ: