ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ «վատ բաներ կրնան պատահիլ Իրանի հետ», եթէ երկրի իշխանութիւնները համաձայնութեան չգան Ուաշինկթընի հետ Թեհրանի վիճայարոյց միջուկային ծրագրի վերաբերեալ։ Ան այդ մասին ըսած է Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն, հաղորդած է CNN-ը։
ԱՄՆ նախագահը յիշեցուցած է, թէ ինչպէս նամակ ուղարկած է Իրանի իշխանութիւններուն, որուն մէջ ըսած է, որ այսպէս թէ այնպէս պէտք է որոշում կայացուի։ Թրամփ նշած է, որ կա՛մ Ուաշինկթընն ու Թեհրանը կը խօսին ու կը քննարկեն հարցեր, կա՛մ ալ շատ վատ բաներ պիտի կատարուին Իրանի հետ։
«Ես չեմ ուզեր, որ դա տեղի ունենայ, կը նախընտրեմ, որ մենք պայմանաւորուինք Իրանի հետ: Բայց եթէ հարցը չլուծենք, շատ վատ բաներ պիտի պատահին Իրանի հետ», - նշած է ԱՄՆ նախագահը, որու նպատակն է թոյլ չտալ Թեհրանին միջուկային զէնք ստեղծել: