image
Հրատապ լուրեր:

Իրանեան նաւթի արտահանման սահմանափակումները կը չեղարկուի՞ն

Իրանեան նաւթի արտահանման սահմանափակումները կը չեղարկուի՞ն

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան յայտարարած է, որ միջուկային բանակցութուններուն ընթացքին պաշտօնական Թեհրանը կը բարձրացնէ իրանեան նաւթի արտահանման վրայ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացման հարցը։

Ապտըլ Լահեան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին պէտք է հասնիլ իրավիճակի մը, երբ «Իրան կը կարենայ հեշտութեամբ եւ առանց խոչընդոտներու վաճառել երկրին մէջ արդիւնահանուած նաւթը, իսկ եկամուտները կը կուտակուին իրանեան դրամատնային հաշիւներուն մէջ»։

«Միջուկային ծրագրի վերագործարկման շուրջ երաշխիքները եւ պատժամիջոցներու վերացման մեխանիզմները բանակցություններու օրակարգային թեմաներու շարքին են», նշած է իրանեան դիւանագիտութեան ղեկավարը։