image

Իրանեան կողմը կրկին յայտարարած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի անընդունելիութեան մասին

Իրանեան կողմը կրկին յայտարարած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի անընդունելիութեան մասին

Իրանեան կողմը կրկին յայտարարած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի անընդունելիութեան մասին, որ կը պահանջեն Պաքուն եւ Անգարան։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանին CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցին նշած է, որ Թեհրանը կ՚աջակցի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կ՚օգնեն տարածաշրջանի զարգացման, Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն դէմ է որեւէ նախաձեռնութեան, որ կրնայ փոխել սահմանները տարածաշրջանին մէջ եւ ժողովրդագրական վիճակը: