Իրանահայ բանաստեղծ՝ Վահէ Արմէն ծնած է 1960-ին Իրանի Մաշհատ քաղաք: Երկու տարի ուսանած է Լոնտոն: Արմէնի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը` «Դէպի սկիզբ» լոյս տեսած է Իրանի մէջ:
Վ. Արմէնի առաջին երկու գիրքերը առանձին առանձին թարգմանուած են անգլերէնի: 2005-ին Իրանի «Մէշքի» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Վ. Արմէնի պարսկերէն լեզուով գրուած բանաստեղծութիւններու ժողովածոն` «Թեւերը թողեց բանաստեղծութեանս կողքին ու հեռացաւ», որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան նուիրուած բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին արժանացած է բարձր մրցանակի:
Վ. Արմէնի թարգմանութեամբ առանձին գրքով Իրանի մէջ լոյս տեսած է հայ ժամանակակից բանաստեղծութիւններու ընտրանին։ Մեծ է Վ. Արմէնի ներդրումը հայ-իրանական մշակոյթներու մերձեցման ասպարէզին մէջ։
Վահէ Արմէնի բանաստեղծութիւններէն պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է Էտուարտ Հախվերտեան։