image

Իրան-Ռուսիա. Հայաստանի վրայով նոր գործակցութիւն

Իրան-Ռուսիա. Հայաստանի վրայով նոր գործակցութիւն

Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապիանը յայտարարած է, որ Իրանը եւ Ռուսիան ելեկտրական ուժանիւթ պիտի փոխանակեն Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի տարածքներով։

Ինչպէս նշած է mehrnews.com կայքը, Ալի Աքպար Մեհրապիանն այս մասին ըսած է ISNA գործակալութեան տուած հարցազրոյցին:

«Ռուսիոյ հետ ելեկտրական ուժանիւթ փոխանակելու համար մենք հետեւած ենք Ատրպէյճան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան երկու երթուղիներուն, եւ կը գտնուինք վերջնական բանակցութիւններու եւ իրականացման փուլի մէջ»,- ըսած է ան։

Իրանի ուժանիւթի նախարարը աւելցուցած է, որ Իրանը կը ձգտի հարեւաններէն որոշներու հետ ելեկտրական ուժանիւթ փոխանակել առանց վճարման։

«Շուտով մենք պիտի սկսինք Ռուսիոյ հետ Ատրպէյճանի տարածքով ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակումը, օրակարգի վրայ է նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքով ռուսական ելեկտրացանցին միանալը»,- եզրափակած է ան։