image
Հրատապ լուրեր:

Իրան Մտադիր է Տիրապետել Իրաքեան Քէրքուք Եւ Մուսէլ Քաղաքներուն

Իրան Մտադիր է Տիրապետել Իրաքեան Քէրքուք Եւ  Մուսէլ Քաղաքներուն

Իրաք- («Շարըք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն) Արաբատառ «Շարըք Ալ Աուսաթ» կը գրէ, թէ Իրան  նպատակ ունի ՝ Քէրքուք եւ Մուսէլ քաղաքներուն վրայ  տիրապետութիւն հաստատելու  ծրագիր մը: Ըստ աղբիւրին  ծրագիրը սկիզբ  կ'առնէ   Թոզխորմաթոյի շրջանի գրաւումով, որ կը գտնուի Քէրքուքի հարաւը: Ան կը մատնանշէ նաեւ, որ քրտական Բէշմարքայի ուժերու կողմէ օրեր առաջ իրականցուած Սընժարի գրաւումը  Իրանի առջեւ ճանապարհը կը փակէ: Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ այն մասին, թէ Քիւրտիստան-Իրանեան Ազատութիւն կուսակցութեան ռազմական թեւի պատասխանատու՝  Հիւսայն Եազտան Պաննա  հաղորդած է, թէ իրանեան յեղափոխական պահակախումբին ենթակայ՝ «Երուսաղէմի Փաղանգ»ի ղեկավարներ եւ սպաներ անձամբ կը վերահսկեն Թոզխորմաթոյի մէջ կատարուող գործողութիւնները , որ կ'իրականցուի շիհիթ միլիցներու կողմէ, քիւրտ քաղաքացիներու դէմ: Աղբիւրը նոյնպէս  կը  յայտնէ,  թէ քիւրտերու եւ շիիթ ազգային խառնամբոխի միլիցեաներու միջեւ զգալի լարուածութիւն ապրող Շրջանին մէջ գտնուող շէնքերւ տանիքներուն վրայ «Երուսաղէմի Փաղանգ»ը 23 իրանցի դիպուկահարներ տարածած է: Պաննա նաեւ կը հաղորդէ, որ  անցեալ Ուրբաթ օր երկու մեծ սպաներու հետ միասին Շրջան ժամանած է Աղա Իքպալի անունով ղեկավարը ղեկավարելու համար Թոզխորմաթոյի մէջ կատարուող գործողութիւնները: