image

Էրտողանը յունուարէն պիտի սկսի հանրահաւաքներ կայացնել Թուրքիոյ խոշոր քաղաքներուն մէջ. ԶԼՄ

Էրտողանը յունուարէն պիտի սկսի հանրահաւաքներ կայացնել Թուրքիոյ խոշոր քաղաքներուն մէջ. ԶԼՄ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յունուար 1-էն պիտի սկսի հանրահաւաքներ կայացնել երկրի խոշոր քաղաքներու եւ գաւառներու մէջ`2024 թուականի մարտին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու արշաւի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է «A haber» հեռուստաալիքը։

«Արշաւի շրջածիրէն ներս նախապատրաստուած են Էրտողանի հանրահաւաքներու ծրագրերը։ Յունուար 1-էն ան հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքացիներու հետ։ Ընտրութիւններէն առաջ Էրտողանն ընդհանուր առմամբ 50 գաւառ պիտի այցելէ, այդ շարքին` 30 խոշոր քաղաք», –յայտնած է հեռուստաալիքը։

Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները երկրի բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը նշանակած է 2024 թուականի մարտ 31-ին։ Յունուարին ընտրական մարմինը պիտի հրապարակէ ընտրութիւններու օրացոյցը։