Լիբանանահայ Հրայրի ծանր վիճակին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն։
Կը նշուի, որ մտահոգիչ վիճակի մը մէջ յայտնուած երիտասարդը կարիքն ունի վիրաբուժական գործողութեան, որուն համար հարկաւոր է 15.000 ամն տոլարի գումար մը։
Հրայրին համար նիւթական աջակցութիւն փոխանցելու գլխաւոր միջոցը Fundahope հարթակն է , ուր նաեւ անգլերէնով ներկայացուած է Հրայրի վիճակը։
Հոն ըսուած է, որ ամեն ինչ սկսաւ 2021 թուականին, երբ Հրայրը անհանգստութիւն նկատեց՝ ոտքերու տկարութիւն եւ ձեռքերու անընդհատ քերվտուք։ Այս ախտանիշները ժամանակի ընթացքին կը սաստկանային։ Անոր հաւասարակշռութիւնը դարձած էր անկայուն, եւ նոյնիսկ փոքր հեռաւորութեան վրայ քայլելը կամ աստիճաններով բարձրանալը պայքարի կը նմանէր:
Բժիշկներու այցելելէ եւ կարգ մը հետազօտութիւններ կատարելէ յետոյ Հրայրին մօտ ախտորոշուած է CIDP` Քրոնիկ բորբոքային ախտամերժութեան տեսակի հիւանդութիւն մը, որը կը յարձակի անոր նեարդերու պաշտպանիչ ծածկոյթին վրայ: Ախտորոշումը ծանր հարուած էր Հրայրին համար, քանի որ ըսուած էր, որ առանց բուժումի հիւանդութիւնը ալ աւելի պիտի սրուի եւ չարտօնէ, որ ան քալէ։
Քանի որ բուժումը չափազանց սուղ է, բժիշկը Հրայրին առաջարկած է այլընտրանքային միջոցներ, որոնք պիտի օգնէին անոր՝ կայուն մնալ եւ ոտքի վրայ կենալ։ Սակայն այդ ալ չէ օգնած, եւ այժմ մեր երիտասարդ հայրենակիցը կարիք ունի IVIG տեսակի բուժումի: Այս բուժման սկզբնական արժէքը կը կազմէ մօտ $10,000, իսկ ծախսերը կը հասնին $15,000-ի:
Հրայրի ընտանիքն ու ընկերները յայտնելով այս տեղեկութիւնները՝ դրամահաւաք նախաձեռնած են, որպէսզի ան ոտքի կենայ եւ վերադառնայ կեանքի բնականոն հուն։ Անոնք կը խնդրեն՝ աջակցիլ եւ օգնել եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն՝ դժուարին պահին իրենց կողքին ըլլալու համար։