Լոս Անճելըս գաւառին մէջ Ապրիլը «Հայկական ժառանգութեան ամիս» հռչակելու որոշումին զուգահեռ, 3 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30, Լոս Անճելըսի Ողջակիզումի թանգարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզումի զոհերուն շառաւիղներուն փորձառութիւններու քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ։
Քննարկումին պիտի մասնակցին Արա Օշական, Ճեք Հաճինեան Ճենա Շուիցըր եւ ուրիշներ։
Թանգարանին հասցէն է՝ 100 The Grove Dr., Los Angeles, CA 90036, իսկ տեղեր ապահովելու համար այցելել 31418.blackbaudhosting.com/31418/Building-Bridges-Jewish-and-Armenian-Legacies-After-Genocide կայքէջը։
Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն