image
Հրատապ լուրեր:

Խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ միջանցքի ու փախստականներու վերադարձի մասին որեւէ դրոյթ չկայ․ Միրզոյեան

Խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ միջանցքի ու փախստականներու վերադարձի մասին որեւէ դրոյթ չկայ․ Միրզոյեան

Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնեցուած բնագրին մէջ ո՛չ մէկ դրոյթ գոյութիւն ունի այսպէս կոչուած «միջանցք»ի մասին։ Այս մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի հերթական նիստին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։

Իր ելոյթին մէջ նախարարը շեշտած է՝ որեւէ դրոյթ, որեւէ պայմանաւորուածութիւն կրնայ կեանքի կոչուիլ համաձայնագրի ստորագրումէն, վաւերացումէն եւ ուժի մէջ մտնելէն ետք։

«Ընդհանրապէս, ապաշրջափակման մեխանիզմների մասին որեւէ բան համաձայնագրի տեքստում չկայ։ Կայ պատրաստակամութիւն համագործակցել տարբեր ոլորտներում՝ երկկողմ պատրաստակամութիւն, այդ թւում՝ նաեւ տրանսպորտային, տրանզիտ, տնտեսական հարցերում», –աւելցուցած է Միրզոյեանը՝ նշելով, որ «Երեւանի մօտեցումն ապաշրջափակման հարցում փոփոխութիւններ չի կրել»։

Միրզոյեան յայտնած է, որ Հայաստանը առաջարկած է նախապէս ապաշրջափակել երկաթուղիները եւ երկու երկիրներուն հնարաւորութիւն տալ օգտուելու իրարու երկաթուղային ցանցերէն։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը վստահեցուցած է, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ հիմա եւ ապագային, անբեկանելի սկզբունք եւ պայման է, որ բոլոր փոխադրամիջոցները, որոնք պիտի ապաշրջափակուին, պիտի մնան եւ պիտի գործեն այն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ, որոնց տարածքին մէջ կը գտնուին։

Միրզոյեան խօսած է նաեւ գաղթականներու վերադարձի մասին։

«Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած տեքստում չկայ որեւէ դրոյթ այն մասին, որ մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը երկու երկրների տարածքներում բնակեցուած եւ այդ տարածքները լքած մարդիկ պէտք է վերադառնան իրենց տներ կամ այն տարածքներ, որտեղ իրենց նախնիներն ապրել են», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։