image

Իրաքեան Քիւրտիստանի «Հաւրէզք» եւ «Զախօ» քաղաքներուն մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Իրաքեան Քիւրտիստանի «Հաւրէզք» եւ «Զախօ» քաղաքներուն մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուած է

Օրերս, տնօրինութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը այցելած է Իրաքի Հիւսիսային շրջանի քրտական մարզը, ուր պատարագ մատուցած է Հաւրէզքի եւ Զախոյի եկեղեցիներուն մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը,  Մարտի 1 և 2 օրերուն Պատարագ մատուցեց Իրաքի Հիւսիսային շրջանի Քիւրտական մարզի  Հաւրէզք  գիւղի  Սուրբ Սարգիս և Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ