image

Հալէպի մէջ. Հիւպատոս Արա Աւետիսեանի այցը՝ ՌԱԿ-ի կեդրոն

Հալէպի մէջ. Հիւպատոս Արա Աւետիսեանի այցը՝ ՌԱԿ-ի կեդրոն

Օրերս Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան այցելած է Հալէպի ՌԱԿ-ի կեդրոն, ծանօթացած կազմակերպութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի վերակառուցուող շէնքի աշխատանքներուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի ՀՀ Հիւպատոսութեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորագրութիւնը։

Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան ս.թ. 6 մարտին այցելեց Հալէպի մէջ «Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան» կեդրոնատեղին: Ան հանդիպում ունեցաւ կառոյցի ղեկավարներուն հետ, ծանօթացաւ կազմակերպութեան գործունէութեան, ծանօթացաւ ՌԱԿ-ի վերակառուցուող շէնքի աշխատանքներուն / որ քանդուած էր պատերազմի ժամանակ ռմբակոծումի հետեւանքով /:

Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը իր գոհունակութիւնը յայտնեց եւ բարձր գնահատեց ՌԱԿ-ի բազմամեայ ազգանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան շարունակական  աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար, յոյս յայտնելով, որ կուսակցութեան արգասաբեր աշխատանքը ապագային եւս կը շարունակուի:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան իրականացուելիք ծրագիրները եւ փոխգործակցութեան կարելիութիւնները՝ ի նպաստ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: