Երկար բանակցութիւններէ ետք Հայաստանի համարձակ զիջումները հնարաւոր դարձուցին վերջին քայլն այն ճանապարհին, որով մենք ուղեկցեր ենք Երեւանին եւ Պաքուին. այս մասին X-ի էջին գրած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը:
«Լուրն այն մասին, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պայմանաւորուած են խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ, յոյս կը ներշնչէ։ Տասնամեակներ տեւած թշնամանքէն եւ պատերազմէն ետք այն փաստը, որ տեւական խաղաղութիւնն այժմ հասանելի է, կարեւոր է տարածաշրջանի համար եւ ատկէ դուրս։ Կոչ կ՚ընենք երկու կողմին ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը»,-ըսուած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի բնագրի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտը ողջունած են Ֆրանսան, Սպանիան, Գերմանիան:
Երէկ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, նշելով որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման։
«Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը դիւանագիտական խողովակներով Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարութեանը փոխանցել է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ընդունում է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրի» նախագծի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածների վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկութիւնները եւ առաջարկել է հանդէս գալ համատեղ յայտարարութեամբ՝ Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծի բնագրի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի մասին։
Պաշտօնական Պաքուն նախընտրել է հանդէս գալ միակողմանի յայտարարութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարութիւնը հաստատում է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագծի համաձայնեցուած լինելու եւ նախագծի համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւնների աւարտի փաստը։
Այսպիսով, Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանական Հանրապետութեան հետ սկսել խորհրդակցութիւններ Համաձայնագրի ստորագրման ժամկէտների եւ տեղի շուրջ»։