image
Հրատապ լուրեր:

Իրան դէմ է Թուրքիոյ ամբարտակներ կառուցելու մօտեցման

Իրան   դէմ է Թուրքիոյ  ամբարտակներ  կառուցելու մօտեցման

Իրանը Թուրքիոյ կողմէ ամբարտակներու կառուցումը անընդունելի կը համարէ. այդ խնդիրներ պիտի յառաջացնէ Իրանի ժողովուրդին եւ տարածաշրջանին համար: Այս մասին Իրանի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը` Թուրքիոյ կողմէ Տիգրիսի, Եփրատի եւ Արաքսի վրայ ընդարձակ ամբարտակների կառուցման եւ դէպի Իրան ջուրի հոսքին վրայ դրա ազդեցութեան մասին հարցին ի պատասխան:

«Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ տիրող բնապահպանական պայմանները` մեզի համար անընդունելի է, որ մեր հարեւան երկիրը` Թուրքիան, ամբարտակաշինութեան ոլորտին մէջ այնպիսի միջոցներու ձեռնարկի, որոնք խնդիրներ պիտի ստեղծեն մեր բնակչութեան համար երկրին եւ տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ բացասաբար պիտի անդրադառնան ջուրի ներհոսքի ծաւալին վրայ», ըսած է ան:

«Վերջին ութ ամսուայ ընթացքին հարցը բարձրացուած է առնուազն երեք անգամ` Նիւ Եորքի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ երկու հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ անոր հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ,- յաւելած է ան:- Չնայած  աւելի վաղ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ ջրային աղբիւրներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնագիր չկար, 4 ամիս առաջ մենք Թուրքիոյ կառավարութենէն խնդրեցինք ջրային աղբիւրներու հարցերով համատեղ յանձնաժողով ստեղծել, որպէսզի կարենանք լուծել խնդիրները: Պէտք է այնպէս ընել, որ Թուրքիոյ կողմէ ամբարտակներու կառուցումը բացասաբար չանդրադառնայ Իրանի ջրամատակարարման վրայ: Թուրք պաշտօնեաները մինչ այժմ մեզի հաւաստիացուցած են, որ ամբարտակներու կառուցումը կ'իրականացուի հիմնականին մէջ լեռնային շրջաններուն մէջ` հիտրոելեկտրակայաններու օգտագործման համար:

Անդրադառնալով արտաքին գործոց եւ ուժանիւթի նախարարութիւններու փորձագիտական պատուիրակութեան այցին Թուրքիա, նախարարը յաւելած է. «Յառաջիկային կը նախատեսուի թրքական պատուիրակութեան այցը Իրան` այս հարցի քննարկման համար, եւ այս կապակցութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ անհրաժեշտ իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներ ձեռնարկուած են»: