Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը յայտնած է, որ իր ծառայակիցները սպաննած սերժանթ Ավազլի Էլհան Մահամատօղլին յայտնաբերուած է. զայն ձերբակալած են՝ որպէս կասկածեալ: Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու զինուոր, սերժանթ Էլհան Ավազլին Քաշաթաղի շրջանին մէջ գնդակահարած էր երեք ծառայակիցներ:
Ինչպէս յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ծառայակիցները գնդակահարելէ յետոյ Ավազլի Էլհան Մահամատօղլին, թողելով զէնքը, փախած էր դէպքի վայրէն: