Սուրիոյ մէջ սրտի կաթուածի հետեւանքով մահացած է անուանի դերասան՝ Շատի Զէտան։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ՝ համացանցէն։
Նշենք, որ Շատի Զէտան եղբայրն է մէկ այլ տաղանդաւոր արուեստագէտի՝ Այման Զէտանի։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Շատի մահացած է իր գլխաւորութեամբ պատրաստուած տեսաշարի հերթական մէկ նկարահանման ընթացքին։
Այման Զէտան իմանալով իր եղբօր մահուան բօթը յուզիչ գրառում մը կատարելով ըսած է, թէ «Հերիք չէր այս սոսկալի պատերազմը, այս մեծաթիւ կորուստներն ու աւերը եւ հիմա ալ իմ եղբայրս մահացաւ...։ Ըսէք ինծի ինչով ուրախանամ, երբ հայրենիքս կ՚արիւնի ու աւելիով կը նեղնայ... ըսէք միայն»։