image
Հրատապ լուրեր:

Ինքնասպանութեան դէպք Ամասիա շրջանին մէջ

Ինքնասպանութեան դէպք Ամասիա շրջանին մէջ

Ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Շիրակի մարզին մէջ: 6 յուլիսին, Ժամը 12:25-ի սահմաններուն  տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Ամասիա համայնքի տուներէն մէկուն մէջ քաղաքացին ինքնասպանութիւն գործած է ՝ կախուելու միջոցով:

Ինչպէս յայտնած է լուսանկարիչ-լրագրող Գագիկ Շամշեան, պարզուած է, որ կազի խողովակէն պարանի միջոցով կախուելով՝ ինքնասպանութիւն գործած է Շիրակի մարզի բնակիչ 41-ամեայ Տ․ Հ.:

Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Ըստ տեղեկութիւններուն՝ մահացածը անհատ ձեռներեց էր, իսկ զայն կախուած վիճակով յայտնաբերած է եղբայրը: