Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հարցով մշտական զեկուցող, պատգամաւոր Միրիամ Լեքսմանը ողջունած է Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը։
Այս մասին Եւրոպական Խորհուրդի պատգամաւորը նշած է X-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ։
«Ես անկեղծօրէն կ՚ողջունեմ Հայաստանի կառավարութեան որոշումը Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու վերաբերեալ։
Անոնք, որոնք կը կատարեն անհրաժեշտ պայմանները եւ կը կիսեն մեր արժէքները, միշտ պէտք է ողջունուին»,-ընդգծած է Միրիամ Լեքսմանը։