Յունուար 10-ին, ժամը 08:59-ին Գեղարքունիքի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Սեւանայ լիճի մօտակայքը գտնուող հանգստեան գօտիներէն մէկու մօտակայքը տեղի ունեցած է ճանապարհային պատահար։
Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:
Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ:
Պարզուած է, որ Սեւան-Մարտունի-Գետափ ճանապարհի մօտ 10-րդ քմ-ին «Nissan» մակնիշի մեքենան դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն եւ յայտնուած ձորակին մէջ (մօտ 5 մեթր)։
Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը՝ հինգ տուժած տեղափոխուած է հիւանդանոց։
Փրկարարները հոսանքազրկած են մեքենան, փակած կազի պալոնի փականը եւ սահմանազատած տարածքը: