Հրապարակուած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւայ, թէ ինչպէս առնուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի յարձակող Քրիսթիանօ Ռոնալտօն եւ Պարսելոնայի յարձակող Լիոնել Մեսսի համատեղ լուսանկարը, որ երէկ ֆութպոլիստները տեղադրած էին ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն։
Լուսանկարին մէջ ֆութպոլիստները ճատրակ կը խաղան «Louis Vuitton» ապրանքանիշի սնտուկներու վրայ։
«Յաղթանակը միտքի վիճակ է։ Ձեռագործ սնտուկներ ստեղծելու հին աւանդոյթներ՝ լուսանկարուած Անի Լայպովիցի կողմէ «Louis Vuitton»»-ի համար,- նկարին կից գրած են ֆութպոլիստները։
Տեսանիւթին մէջ երկու խաղցողներն ալ առանձնացուցած են իրենց համար ամենայիշարժան յաղթանակները, երկուքն ալ ընդգծած են իրենց ազգային հաւաքականներու մէջ գրանցած ձեռքբերումները։