image

Հանրայայտ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի մասին ֆիլմ նկարահանուած է

Հանրայայտ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի մասին ֆիլմ նկարահանուած է

«Alpha Cinema Production»-ը կը ներկայացնէ «Սամուէլ Կարապետեանի 10 լուսանկարները» փաստագրական շարժանկարը, որ կը պատմէ յայտնի հայ գործարար եւ բարերար, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի գործունէութեան մասին։

Ռուսիոյ Դաշնութեան «անշարժ գոյքի արքայ» տիտղոսը կրող հայ գործարարին մասին գրեթէ բոլորը գիտեն, բայց շատ քիչերը կը պատկերացնեն անոր ստեղծած ձեռնարկատիրութեան իրական մաշտապները եւ ամենակարեւորը, անոր բարեգործական հիմնադրամի չափը եւ գործունէութիւնը, յայտնած է Alphanews-ը։ Շարժանկարը այդ բացը լրացնելու նպատակն ունի։