❗Ինչպէ՞ս պայքարիլ հաւաքական սթրեսին դէմ. Դիտարկումներ Տօքթ. Անի Գալայճեանէն
❗Հոգեկան առողջութիւնը ինչքանո՞վ կարեւոր է մանաւանդ այսօր՝ բարդ փուլերէ անցնող Հայաստանի հասարակութեան համար։
❗🇦🇲🇮🇶🇸🇾Հայաստանի երկրաշարժ, Արցախի պատերազմ, Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներ. ի հետեւանք այս բոլորի, տարբեր մակարդակի հոգեխոցումներէ անցած մեր հայրենակիցները ի՞նչ մակարդակի աջակցութիւն եւ հոգեկան խնամք ստացած են Տօքթ. Անի Գալայճեանի եւ անոր առաջնորդած խմբակներուն կողմէ։
❗Միայն Հայաստանի հասարակութիւնը չէ, որ զանազան տեսակի լարումներ ունի, ու ճիշտ չէ՝ առկայ իրավիճակները ներկայացնել որպէս «հաւաքական հիւանդութիւններ»։
❗Ի վերջոյ, ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել՝ ձերբազատուելու համար լարումներէն, բացասական զգացումներէն ու անտեղի զայրոյթներէն։
❗Պէտք է պայքարիլ բոլոր տեսակի ճնշուածութիւններու դէմ եւ մեր մէջը չպահել ատոնք։
🔴Այս բոլորին մասին «Արեւելք»ի մեկնաբան Սագօ Արեանին պատմած է ամերիկաբնակ հոգեբան՝ Տօքթ. Անի Գալայճեանը։
➡️Չմոռնաք հետեւիլ մեր ալիքին եւ դառնալ անդամ մեր Patreon- ին
Այդպիսով խթանած կ՚ըլլաք հայ առաջադէմ եւ անկախ «Արեւելք»ի հարթակը։
https://www.patreon.com/Arevelkam