image

Ինչ կը կատարուի Պէյրութի օդակայանին շուրջ. Արդեօք քաղաքացիական թռիչքները պիտի սահմանափակո՞ւին

Ինչ  կը կատարուի Պէյրութի օդակայանին  շուրջ.  Արդեօք  քաղաքացիական  թռիչքները   պիտի  սահմանափակո՞ւին

  Պէյրութի   «Ռաֆիք  Հարիրի»ի  անուան միջազգային օդակայանը  կրնայ  զրկուիլ       քաղաքացիական  թռիչքներ իրականցանող  միջազգային   ընկերութիւններու  ծառայութիւններէն։

 Այս  մասին  այսօր  գրած է «Ալ Ախպար»   պարբերականը նշելով,  որ       օդակայանը  այդ  ծանր  իրավիճակին  դէմ հանդիման կրնայ   գտնուիլ   կարգ մը  նիւթական  պարտաւորութիւններու թերացման  հետեւանքով։

 Կը նշուի  նաեւ, որ    այս առումով  ցարդ  վերջնական որոշում չէ կայացուած եւ միջազգային քաղաքացիական     թռիչքներու    յայտնի  IATA կազմակերպութիւնը  կը շարունակէ   բանակցութիւններ վարել  Լիբանանի    պատկան մարմիններուն  հետ։

 

 Աղբիւրը  ոչ մէկ տեղեկութիւն  հաղորդած է  լիբանանեան     MEA  (Middle East)ընկերութեան   ճակատագրին մասին, որ կը համարուի    դէպի Լիբանան  եւ    Լիբանանէն  դուրս տասնեակ  ուղղութիւններով  թռիչքներ իրականացնող  առաջատար  ընկերութիւն։

Յիշեցնենք, որ  MEA-ի  շուրջ  որոշ   աղմուկ  բարձրացած էր     այն   որոշումէն  ետք,  երբ  ընկերութիւն   վճռած էր իր տոմսակները լիբանանեան   թղթոսկիի   փոխարէն  վաճառել   ամերիկեան տոլարով։