Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին գրած է.
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեանն է, որ աշխատանքային պարտականութիւններէն դուրս նոր՝ ոչ պակաս կարեւոր գործով զբաղուած է: Անոր այս կերպարը իւրայատուկ մարմնաւորումն է մեր ազգին` այս օրերուն դրսեւորած վարքագիծի` ամէն ինչ յանուն ճակատի ու Հայրենիքի: Ահա ա՛յս է մեր ժողովուրդի անպարտ ըլլալու ֆենոմէնը:
Վստա՛հ եղէք, յաղթանակը մերն է»: