image

«Ի վերջոյ մարմնի աւելորդ կշիռքը հիւանդութեան բոյն է».Դոկտ. Յակոբ Այնթէպլեան

«Ի վերջոյ մարմնի աւելորդ կշիռքը հիւանդութեան բոյն է».Դոկտ. Յակոբ Այնթէպլեան

Ամերիկահայ  հասարարական   գործիչ ՝ Դոկտ.  Յակոբ Այնթապլեան  կը գրէ՝

 

Տռզած փորերով ոստիկաններ , պարէտներ ,զինուորներ ,սպաներ եւ զօրավարներ ։

Հայաստանի ոստիկանութիւնն ու զինուժը որպէսզի մարտունակ եւ ֆիզիքապէս ատակ ըլլայ իր մարմնական կազմուածքը բնականոն վիճակի մէջ պէտք է պահէ եւ ցուցաբերէ ։ 

Որպէս 55 տարուան փորձառու սրտաբան բժիշկ եւ նախկին մարզիկ ,այդ չեմ տեսներ  Հայաստանի ոստիկանութեան  ու զինուորական 

Ներկայացուցիչներուն մօտ  ։Կրնամ անվարան ըսել որ վերոնշեալ պետական զինուժի եւ ոստիկանութեան 1/3-ը ունին զանազան աստիճանի տկռած փորեր ,որ իրենց պաշտօնի համար անյառիր է:

Վստահ եմ ,Երեւանի մէջ շրջագայող զանազան համազգեստներով ոստիկաններու եւ զինուորներու 1/3-ը եթէ  1000 մեթր հեռաւորութիւն վազեն  շնչասպառ կամ կը կանգնին կամ ալ կը կքին ։

Պատասխանատու պետական կառոյցները պահանջատէր պէտք է ըլլան այս հանրութեան անվտանգութիւնը  ապահովող եւ երկիրը պաշտպանող պետական պաշտպանողներէ որ տկռած փորերով իրենց պաշտօնը չեն կրնար յաջողութեամբ կատարել , ուստի 30%-ը այս 

ազգապաշտպան զինուժը  պէտք է նիհարնայ եւ վերացնէ  15-40 քիլօ կշիռքը  , այսինքն ,մարմնի ճարպը պէտք է անհետացնէ ։

Պարզ է չէ ՞,եթէ այս վերեւ  նշած անձիք  մարզադաշտ տանիք եւ իրենց մարմնական  կերպարանքը բաղդտատէք ոտնագունդ (Foot ball ) խաղացող խումբի մարզիկներու  հետ ,կամ անոնց ընկերակցութեամբ դաշտի երկայնքը վազեն ,անմիջապէս կը հասկնաք թէ ինչ խղճալի վիճակի մէջ է Հայաստանի ոստիկանութիւնն ու զինուժը …

Անհրաժեշտ է հսկել եւ կարգապահութեամբ պարտադրել բոլոր ոստիկաններուն եւ զինուժի անդամներուն իրենց  հասակի համեմատ նշուած կշիռքը  պահել , որպէս զի ֆիզիքապէս կարենան եւ ատակ ըլլան պահանջուած հեռաւորութիւնը վազել առանց դժուարութեան ։

Ի վերջոյ մարմնի աւելորդ կշիռքը հիւանդութեան բոյն է ։

 

 

   Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան