image

Ի Տէր հանգաւ Իրանի երիցագոյն միաբան՝ Արժ. Տ. Վարազդատ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեանը

Ի Տէր հանգաւ Իրանի երիցագոյն միաբան՝  Արժ. Տ. Վարազդատ Աւ. Քհնյ. Քէշիշեանը

 

Իրանի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  Թեմի    արժանաւոր եւ երիցագոյն  քահանայ հանդիսացող՝ Արժ. Տ. Վարազդատ Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք    Տէր Հօր   մահուան  մասին  հրապարակուած  մահագրութիւնը՝

Խոր ցաւով կը տեղեկացնենք, որ այսօր 8 յուլիսին՝ կեանքի 93-րդ տարուան մէջ, վախճանած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւոր, արժանապատիւ Տ. Վարազդատ Աւագ Քահանայ Քէշիշեանը:

Տէր Վարազդատը՝ աւազանի անունով Յակոբ Քէշիշեան ծնած է 1932 թուականին, Իրանի Սպահան նահանգի, Փերիա գաւառի Բոլորան գիւղը: Ան կը սերէր քահանայական գերդաստանէ եւ իր անունը ժառանգած էր մեծ հօրմէ՝ Տէր Յակոբ Տէրտէրեանէ:

Տէր Վարազդատ 28 յուլիս, 1966-ին ձեռնադրուած է որպէս քահանայ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը՝ 58 տարի քահանայագործած է Թեհրանի հայոց թեմի ենթակայ քաղաքներուն մէջ՝ Թեհրան, Ռաշտ, Անզալի, Սարի եւ այլն:

7 մարտ, 1977-ին արժանացած է լանջախաչ, իսկ 10 փետրուար, 1983-ին ծաղկեայ փիլոն կրելու   իրաւունքին։

29 յուլիս, 1991-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ Կաթողիկոսի (յետագային Գարեգին Ա Ամենայն հայոց Կաթողիկոս) սրբատառ կոնդակով ստացած է աւագութեան տիտղոս:Տ. Վարազդատ աւագ քահանայ Քէշիշեան երկար տարիներ զբաղեցուցած է առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը, անդամակցած է ԹՀԹ (Թեհրանի Հայոց թեմ) Պատգամաւորական ժողովին, Դատական խորհուրդին եւ Կրօնական խորհուրդին:

Ան սիրուած, բարի համբաւ վայելող եւ յարգուած քահանայ էր:

Լուրը՝ «Արաքս-նիւզ»ի թելեկրամեան  ալիքէն