image

Ի՞նչ պիտի քննարկեն Լաւրով եւ Չաւուշօղլու

Ի՞նչ  պիտի քննարկեն  Լաւրով  եւ Չաւուշօղլու

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերգէյ Լաւրով եւ Մեւլութ Չաւուշօղլու Յունիս 8-ի հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկեն ռուս-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման վիճակն ու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր:

Ըստ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի, արտաքին գործոց գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանդիպման ժամանակ պիտի համապատասխանեցնեն գործողութիւններու ժամանակացոյցը` Ուքրանիոյ, Անդրկովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի իրավիճակին վերաբերեալ:

Նախարարները միտքեր պիտի փոխանակեն ուքրանական ճգնաժամի իրավիճակին, ռուս-ուքրանական խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսման հեռանկարների շուրջ: Ռուսական կողմը թուրք գործընկերներուն պիտի տեղեկացնէ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան Զինուած ուժերու յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն մասին:

Նախարարները պիտի քննարկեն Սուրիոյ հարցով յաջորդ միջազգային հանդիպման բովանդակութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան Յունիսին` Նուրսուլթանի մէջ, պիտի գնահատեն Ժընեւի մէջ Մայիս 28-էն Յունիս 4-ի միջեւ կայացած Միջսուրիական սահմանադրական յանձնաժողովի ութերորդ նիստին արդիւնքները: