image

«Հըզպալլա», գլխաւոր հրամանատարի սպանութենէն ետք, 160 հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

«Հըզպալլա», գլխաւոր հրամանատարի սպանութենէն ետք, 160 հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը 160 հրթիռի կիրառմամբ զանգուածային յարձակում իրականացուցած է Իսրայէլի հիւսիսի ուղղութեամբ: Այս մասին գրած է The Times of Israel-ը՝ մանրամասնելով, որ յարձակումը տեղի ունեցած է «Հըզպալլա»-ի գլխաւոր հրամանատարի սպանութենէն ետք:

Խօսքը Թալեպ Ապտուլլահի մասին է, որ կը ղեկավարէր «Հըզպալլա»-ի տարածաշրջանային մասնաճիւղը Լիբանանի հարաւի մէջ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պնդած է, որ հրթիռներու մեծ մասը որսացած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, սակայն մէկ մասն ինկած է բնակեցուած վայրերու մէջ։ Հրթիռային հարուածներու հետեւանքով քանի մը հրդեհ բռնկած է։ Զոհերու կամ լուրջ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ առայժմ չկան։

Անցեալ տարուան հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի ընթացքին առաջին անգամ կրակի տակ յայտնուած է Թապարիա քաղաքը, որ կը գտնուի Թապարիա լիճի ափին։