Հայաստան- Հ.Յ.Դ.ն կողմէ Հայաստանի մէջ կայացուելիք սահմանադրական բարեփոխումներուն: Այս մասին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՝ Հրանդ Մարգարեան: Մարգարեան նաեւ ըսած է, որ իրենց այդ առումով տեսակէտը յաղթական դուրս եկած է: Կուսակցութեան թիւ մէկ պատասխանատուն նաեւ ըսած է, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կ'աճապարեն իրենց գնահատակաները տալու մէջ: Ան ըսած է , որ իրենք տարբեր հարցերու առընթեր տարակարծութիւններ ունին իշխանութիւններուն հետ բայց սահմանադրական բարեփոխումներու առընթեր կողմ են իշխանութիւններու ներկայացուցած ծրագրին եւ առաջադրանքներուն: Հ. Մարգարեան նաեւ ըսած է, որ ներկայ հանգրուանին քննարկումի առարկայ չէ իշխանական «Հանրապետական» կուսակցութեան հետ դաշինք կազմելու հարցը յայտնելով նաեւ, որ իրենց համար իշխանութիւններուն հետ դաշինք կազմելու հարցը թապու մը չէ: «Մենք 25 տարի պայքարած ենք, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական համակարգ ստեղծուի Հայաստանի մէջ». իր խօսքը աւարտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը: