image

Հունգարիոյ վարչապետը «Խաղաղութեան ծրագրով» հասած է Փեքին

Հունգարիոյ վարչապետը «Խաղաղութեան ծրագրով» հասած է Փեքին

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան այցելած է Փեքին, ուր հանդիպած է Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ։ Այս մասին յայտնած է Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութիւնը։

«Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը յուլիս 8-ի առաւօտեան Փեքինի պետական նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Հունգարիոյ վարչապետ Օրպանի հետ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս հանդիպումէն ետք յայտարարած է Օրպան, Պուտապեշթը բարձր կը գնահատէ Ուքրանիոյ հարցով Փեքինի խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը։ Անոր խօսքով՝ իրենք «միշտ խաղաղութեան կողմնակիցն են եւ երբեք՝ պատերազմի», քանի որ Հունգարիոյ ժողովուրդը կը ձգտի խաղաղութեան, հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան։

Նշենք, որ նախօրէին Հունգարիոյ վարչապետի մամուլի քարտուղար Պերթալան Հաւասին յայտարարած էր, որ Օրպան շարունակուող «խաղաղութեան առաքելութեան» շրջածիրէն ներս ժամանած է Փեքին՝ հանդիպելու Չինաստանի նախագահի հետ։

Մինչ այդ՝ յուլիս 2-ին, ան այցելած էր Քիեւ, ուր հանդիպած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, իսկ յուլիս 5-ին Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

 

Օրպանի յաջորդ կայարանը՝ Ուաշինկթընն է 

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան Փեքինի մէջ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի հետ բանակցութիւններէն ետք մեկնած է Ուաշինկթըն: Այս մասին ան յայտնած է ընկերային ցանցի միջոցաւ։

«Յաջորդ կանգառը Ուաշինկթընն է»,- գրած է Օրպան Փեքինէն հեռացող օդանաւի լուսանկարին կից:

Օրպանի՝ ԱՄՆ այցի ծրագիրը չի հաղորդուիր։