image

Հուլուսի Աքար կը մեղադրէ Ռուսաստանը

Հուլուսի Աքար  կը մեղադրէ Ռուսաստանը

Թուրքիա մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ հիւսիսային Իտլիպ նահանգին մէջ Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերուն կողմէ օդային յարձակումներու յաճախակիացման կապակցութեամբ: Այս մասին յայտնած է երկրի Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Հուլուսի Աքար:

«Վերջերս Իտլիպի մէջ Ռուսաստանի օդատիեզերական ուժերու օդային հարուածներու աճ գրանցուած է: Մենք արդէն նշած ենք, որ այդ կը հակասէ փոխըմբռնման յուշագրին», նշած է նախարարը: Անոր խօսքով, ներկայիս բանակցութիւններ կ'ընթանան Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ ծագած հակասութիւններուն շուրջ:

Աքար յաւելած է, որ Թուրքիան պէտք է ներկայութիւն պահպանէ Իտլիպի մէջ՝ իր հարաւային սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ սուրիացի փախստականներու հոսքի աճի դէմ պայքարին համար:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Սուրիոյ մէջ թրքական զօրախումբին նպատակը անուանած է «սուրիացի եղբայրներու անվտանգութեան ապահովում»: