Մայիս 2025-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը մեկնարկեց նպաստի յատուկ ծրագիր մը՝ ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ | INSPARK անունով։
Այս ծրագիրով Հայկական Բաժանմունքը նորոգեց Լիբանանահայ համայնքին հանդէպ Հիմնարկութեան յանձնառութիւնը, կեդրոնանալով երիտասարդութեան վրայ։ Բաց հրաւէրով մը Բաժանմունքը առիթը ստեղծեց որ երիտասարդներ ստեղծագործ ճամբորդութիւններու ընդմէջէն ինքնաճանաչում եւ քննական հայեացքներ հետազօտեն։
Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախ էր ստանալու բարձրորակ նախագիծերու առաջարկներ 19 դիմորդներէ, որոնցմէ 10-ը նպաստ ստացան։ Նախագիծերը սերտօրէն կ՚առնչուէին նպաստի ծրագիրին նպատակներուն. մարդաբանական հեռանկարներէ մինչեւ բազմագիտակարգային հետազօտութիւն, բանաստեղծական եւ ընկերային ոլորտներէ մինչեւ երկրաքաղաքական վերլուծութիւն, հիւմորէ մինչեւ պատմասացութիւն եւ մշակութային վերածնունդ՝ Լիբանանի հայ երիտասարդութիւնը ցոյց տուաւ իր ստեղծագործ ներուժն ու նուիրումը իր սեփական համայնքին, ընդունելու անոր բազմաթիւ շերտերն ու հարուստ ընկերային հիւսուածքը, ձգտելով հասկնալու զայն եւ մասնակցելու անոր ապագան ձեւաւորելու գործընթացին։
Բոլոր նախագիծերը բնականաբար արեւմտահայերէնը ներառած էին որպէս միջոց եւ արժէք՝ հաստատելով լեզուին անքակտելի կապը Լիբանանահայ համայնքին հետ։
Նպաստառուներն են.
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities