Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը հաւատացեալներուն դիմած է Urbi et Orbi («Հռոմին եւ աշխարհին») ուղերձով, որ աւանդաբար կ'ընթերցուի Սուրբ Ծնունդի եւ Յարութեան տօնական օրերուն, գրած է Vatican News-ը։
Հռոմի պապը ցաւով յիշած է նախորդ տարի տեղի ունեցած ռազմական հակամարտութիւններու մասին, որոնք տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ եւ բազմաթիւ մարդոց տառապանքներու պատճառ դարձած են: Ան այդ երկիրներուն մէջ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութեան հետեւողական պահպանման կոչ ըրած է, գրած է Vatican News-ը։
Բացի այդ, ան աշխարհին կոչ ըրած է համախմբուելու եւ օգնութիւն ցուցաբերելու հակամարտութիւններէն, մարդասիրական ճգնաժամէն եւ բնական աղէտներէն տուժած երկիրներուն։