image

ԱՀԱԸ -ն (AMMA) յանուն Արցախի. Ընթացք առած է վերականգնողական՝ ծրագիրը

 ԱՀԱԸ -ն (AMMA) յանուն  Արցախի. Ընթացք առած է  վերականգնողական՝   ծրագիրը

ԱՀԱԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակէն   կը  տեղեկանանք՝ 

 

 

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը շարունակէ յառաջ մղել իր առաքելութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ձեռնարկելով երկու նոր ծրագիրներ.

– Շտապ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ աջակցութիւն՝ 19 Սեպտեմբերի գրոհին պատճառով Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն:

 

 – Կեցութեան եւ կենսական կարիքներու ապահովման Project Revive ծրագիրը, որ նպատակ ունի աջակցիլ տեղահանուած ընտանիքներուն՝ վերականգնելու իրենց բնականոն կեանքը եւ հոգալու անոնց երկարաժամկէտ կարիքները։

 

 Այդ նպատակով, ծրագիրը հետեւեալ միջոցներով կը նախատեսէ աջակցիլ Լոռիի, Շիրակի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն.

– Տուներու վարձավճարներու փոխհատուցումով,

 

 – Վերանորոգումով,

 

 – Կեդրոնացուած համայնք ձեւաւորելու նպատակով՝ առաւել խոցելի ընտանիքներուն բնակելի տուներու ապահովելով,

 

 – Կենսապայմաններու բարելաւման միտուած վերապատրաստումներով,

 

 – Գոյքի կամ սարքերու տրամադրութեամբ,

 

 – Փոքր ձեռնարկութիւններ հիմնելով,

 

 – Աշխատանքի տեղաւորման հարցերու աջակցութեամբ,

 

 – Գիւղատնտեսական զարգացման զօրացումով,

 

 – Հոգեբանական ծառայութիւններու մատուցումով,

 

 – Ըստ կարիքի՝ այլ կառոյցներու ուղղորդութեամբ։

 

 

 Աջակցութեան ծրագիրին շրջանակին մէջ, Արարատի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ապաստանած ընտանիքները պիտի ստանան նիւթական օգնութիւն՝ հոգալու իրենց միջնաժամկէտ կարիքները։

 

Կոչ կ՛ընենք ձեզի՝ ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթելու։ Ձեռք ձեռքի տուած՝ մենք պիտի օգնենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ յաղթահարելու այս դժուար ժամանակը։

 

ԱՀԱԸի կողմէ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան մասին աւելին իմանալու եւ նուիրատուութիւններու համար կրնաք այցելել մեր www.amaa.org կայքը:  Կրնաք նաեւ ուղարկել PROJECT REVIVE-ի ձեր նուիրատուութիւնները ԱՀԱԸին՝ հասցէագրուած Armenian Missionary Association of America, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652: